Bible

Connect

With Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Timothy 2

:
Armenian - 2019
1 Արդ, ամէնբանէառաջկըխնդրեմորաղօթէք, խնդրանք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար,
2 մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող բոլոր մարդոց համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարենք՝ կատարեալ աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ.
3 որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը,
4 որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին,
5 թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Քրիստոս Յիսուս մարդը,
6 որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար։ Ատոր վկայութիւնը Աստուած տուաւ իր ատենին,
7 եւ նոյն այդ վկայութիւնը տալու համար է որ ես ալ քարոզիչ եւ առաքեալ կարգուեցայ, քրիստոնէական հաւատքը եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար բոլոր հեթանոսներուն ։ Եւ Քրիստոս ինք վկայ է՝ թէ ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ, առանց ստելու։
8 Կ՚ուզեմ որ ամենուրեք, երբ այր մարդիկ աղօթքի կանգնին՝ Աստուծոյ բարձրացուցած իրենց ձեռքերը արդար գործերով լեցուն ըլլան, եւ ո՛չ թէ վրէժխնդրութեամբ եւ անիրաւութեամբ։
9 Նոյնպէս կ՚ուզեմ որ կիներ իրենք զիրենք զարդարեն խոնարհութեան զարդերով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ։ Ո՛չ թէ մազերու յարդարանքով կամ ոսկեղէնով, մարգարիտներով կամ սուղ զգեստներով,
10 այլ՝ բարի գործերով, ինչպէս որ աստուածպաշտութեամբ ապրիլ յանձն առած կիներուն կը վայելէ։
11 Եկեղեցական հաւաքոյթներուն՝ կիներ պէտք է սորվող ըլլան միայն, լռութեամբ եւ կատարեալ հնազանդութեամբ։
12 Չեմ արտօներ որ կին մը այր մարդուն սորվեցնէ կամ հեղինակութիւն բանեցնէ անոր վրայ։ Ընդհակառակը, պէտք է լուռ մնայ,
13 որովհետեւ նախ Ադամ էր որ ստեղծուեցաւ, եւ յետոյ միայն Եւա։
14 Եւ յետոյ, Ադամ չէր որ խաբուեցաւ, այլ՝ կինն էր որ խաբուելով յանցանքի մէջ ինկաւ։
15 Բայց եւ այնպէս՝ կինն ալ կը փրկուի զաւակներ ծնելուն համար, եթէ ապրի պարկեշտութեամբ, հաւատքով, սիրով եւ սրբութեամբ ։