1 Timothy 1
1 Ես՝ Պօղոս, որ Քրիստոս Յիսուսի առաքեալն եմ՝ մեր փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի հրամանով,
2 քեզի՛ կը գրեմ, հաւատքի հարազատ որդիս, Տիմոթէոս։ Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի։
3 Երբ Մակեդոնիա կ՚երթայի, խնդրեցի որ Եփեսոս մնաս եւ խօսիս քանի մը հոգիներու, որպէսզի դադրին օտար վարդապետութիւններ ուսուցանելէ
4 եւ չզբաղին սկիզբ ու վերջ չունեցող առասպելներով եւ ազգահամարներով, որոնք վէճերու դուռ կը բանան, փոխանակ օգնելու մարդոց հաւատքին եւ Աստուծոյ ծրագրին իրականացման։
5 Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բղխած սէրը։
6 Շատեր այս պատուէրները մոռցած, դատարկ վիճաբանութեանց մէջ մտնելով՝
7 մեզի Օրէնք սորվեցնելու ելեր են, մինչդեռ ո՛չ իրենց խօսածը գիտեն, ո՛չ ալ Աստուծոյ Օրէնքը, որուն մասին այնքան վստահութեամբ կը ճառեն։
8 Գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւով գործադրուի։
9 Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ, այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայր անարգողներուն, մարդասպաններուն,
10 պոռնկութիւն ընողներուն, արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմ փոխանցած առողջ ուսուցումներուս.
11 պատուէրներու, որոնք համաձայն են երանելի Աստուծոյ փառքը պատմող Աւետարանին, որ ես հաւատարմօրէն քարոզեցի։
12 Երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսի, որ զօրացուց զիս եւ արժանի համարեց իրեն սպասաւոր կարգելու.
13 զիս՝ որ նախապէս կը հայհոյէի իրեն, կը հալածէի եւ կ՚անարգէի զինք։ Բայց ինք ողորմութիւն ցոյցտուաւ ինծի, որովհետեւ առանց գիտնալու կ՚ընէի, երբ տակաւին չէի հաւատացած իրեն։
14 Մեր Տէրը իր շնորհքով ողողեց զիս, տալով այն հաւատքն ու սէրը որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացածներս ունինք։
15 Մէկ բան որոշ է, եւ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու համար. եւ առաջին մեղաւորը ես եմ։
16 Բայց Աստուած ողորմութիւն ցոյց տուաւ ինծի՝ որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի նախ ինծի հանդէպ ցուցաբերած անսահման համբերատարութիւնը օրինակ ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը հաւատան՝ յաւիտենական կեանքը ունենալու համար։
17 Իրեն՝ յաւիտենական Թագաւորին, անմահ եւ անտեսանելի միակ Աստուծոյն, պատիւ եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։
18 Որդեա՛կս, Տիմոթէոս, հետեւեալ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որ սկիզբէն քեզի համար եղած մարգարէական պատգամները միտքէդ չհանես, այլ անոնցմով զինուիս եւ բարի զինուորութիւն ընես,
19 հաւատքդ եւ խիղճդ մաքուր պահելով։ Շատեր իրենց խղճին չանսալով՝ իրենց հաւատքը կործանեցին։
20 Անոնցմէ են Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, որոնք Սատանային կամքին ձգեցի, որպէսզի իրենց պատիժը կրելով՝ սորվին Աստուծոյ չհայհոյել ։