1 Thessalonians 5
1 Բայց ինչ կը վերաբերիայս եղելութեանց ժամին ու ժամանակին, պէտք չեմ զգար ձեզի ոեւէ բան գրելու,
2 որովհետեւ անձամբ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ճիշդ ինչպէս գողը չսպասուած ժամուն կու գայ, այնպէս ալ Տիրոջ Օրը չսպասուած ժամուն պիտի գայ։
3 Երբ որ մարդիկ ըսեն՝ «Հանգիստ ենք եւ ապահով», ճիշդ այն ատեն՝ յանկարծակի վրայ պիտի հասնի կործանումը, ինչպէս երկունքը յանկարծ կը բռնէ յղի կինը, եւ ազատում պիտի չունենան։
4 Բայց դուք, եղբայրնե՛ր, դուք խաւարին մէջ չէք, որ Տիրոջ Օրը գողին պէս ձեզ անակնկալի բերէ։
5 Որովհետեւ դուք բոլորդ լոյսի որդիներ էք, ցերեկի որդիներ։ Գիշերին չենք պատկանիր, ո՛չ ալ խաւարին։
6 Հետեւաբար քունով չտարուինք ուրիշներուն նման, այլ՝ արթուն եւ զգաստ ըլլանք,
7 որովհետեւ քնացողները գիշերն է որ կը քնանան, գինովցողներն ալ գիշերն է որ կը գինովնան։
8 Բայց մենք, քանի ցերեկին կը պատկանինք՝ պատրաստ ըլլանք, հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագած, եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դրած մեր գլխուն։
9 Որովհետեւ Աստուած մեզ չէ՛ ընտրած որպէսզի իր բարկութեան առարկան դառնանք, այլ՝ որպէսզի իր փրկութիւնը ժառանգենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։
10 Արդարեւ, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի մենք իրմով կենդանի ըլլանք, իր գալուստին ատեն ողջ ըլլանք թէ մեռած։
11 Հետեւաբար՝ քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք, ինչպէս արդէն կ՚ընէք։
12 Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ գնահատէք եւ յարգէք անոնք՝ որոնք ձեզի համար կ՚աշխատին, եւ Տիրոջ կողմէ ձեզի առաջնորդ կարգուած ըլլալով՝ կը խրատեն ձեզ։
13 Արժանի ամէն յարգանք ընծայեցէք անոնց եւ սիրեցէ՛ք զանոնք, իրենց տարած գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք։
14 Կը խնդրենք, եղբայրներ, խրատեցէ՛ք անկարգութեամբ ապրողները, յուսադրեցէ՛ք վհատածները, պաշտպան եղէք տկարներուն, համբերատար եղէք բոլորին հանդէպ։
15 Նայեցէք որ ոեւէ մէկը չարիք ընողին չարիք չհատուցանէ. այլ ջանացէք միշտ բարիք ընել՝ ըլլա՛յ իրարու, ըլլա՛յ բոլորին։
16 Միշտ ուրախ եղէք,
17 անդադար աղօթեցէք։
18 Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա՛ կը սպասէ ձեզմէ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք։
19 Սուրբ Հոգիին կրակը մի՛ մարէք ձեր մէջ։
20 Մի՛ արհամարհէք մարգարէական պատգամները։
21 Ամէն բան քննեցէք, բարիին կառչեցէք։
22 Ամէն տեսակի չարիքէ հեռո՛ւ կեցէք։
23 Եւ Աստուած ինք, որ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, թող կատարելապէս սրբէ ձեզ, եւ ձեր ամբողջ էութիւնը՝ հոգի, շունչ եւ մարմին, անարատ պահէ մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալստեան Օրը։
24 Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ այդ նպատակով ձեզ հրաւիրեց եւ պիտի կատարէ իր խոստումը։
25 Եղբայրնե՛ր, մեզի համար ալ աղօթեցէք։
26 Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք բոլոր եղբայրները։
27 Տիրոջ անունով կը խնդրեմ, որ այս նամակը կարդաք բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն ներկայութեան։
28 Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։