Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Thessalonians 4

:
Armenian - 2019
1 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, մենք ձեզի սորվեցուցինքթէ ի՛նչպէս պէտք է ապրիլ Աստուծոյ հաճելիըլլալու համար։ Թէպէտ այդպէս կ՚ապրիք արդէն, սակայն կը խնդրենք եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը թելադրենք՝ որ շարունակէք յառաջանալ ներկայ ձեր ընթացքին մէջ։
2 Գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսի անունով,
3 որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ։
4 Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ։
5 Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար.
6 կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք։
7 Միթէ Աստուած մեր պղծալից կեանքը շարունակելո՞ւ հրաւիրեց մեզ, թէ՝ սրբութեամբ ապրելու։ Անշուշտ թէ սրբութեամբ ապրելու։
8 Հետեւաբար, ով որ սրբութեան այս պատուէրը կ՚արհամարհէ՝ մարդ մը անարգած չ՚ըլլար, այլ՝ նոյնինքն զԱստուած, որ իր Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի։
9 Գալով եղբայրսիրութեան, մեր գրելուն պէտք չունիք, որովհետեւ ինքնին դուք Աստուծմէ սորված էք իրար սիրել,
10 ինչպէս արդէն գործնապէսայդ սէրը ցոյց կու տաք ամբողջ Մակեդոնիայի բոլոր եղբայրներուն նկատմամբ։ Բայց դարձեալ, եղբայրնե՛ր, կը խնդրենք որ աւելի առատանաք ձեր սիրոյն մէջ,
11 ջանաք հանդարտ կեանք մը վարել, միայն ձեր գործին նայիլ եւ ձեր աշխատանքի վաստակով ապրիլ, ինչպէս որ պատուիրեցինք ձեզի,
12 որպէսզի ձեր պարկեշտ ընթացքով յարգուիք չհաւատացողներէն եւ ոեւէ մէկուն կարօտ չմնաք։
13 Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ մեռածներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնաք, որպէսզի չտրտմիք ուրիշներուն պէս, որոնք ոեւէ յոյս չունին։
14 Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ կը հաւատանք՝ թէ Աստուած Յիսուսի ձեռքով եւ անոր հետ վերստինկեանքի պիտի բերէ անոնք՝ որ անոր հաւատացին եւ մեռան։
15 Հետեւաբար՝ կ՚ըսենք ձեզի, ինչպէս Տէրը ինք սորվեցուց.– Մեզմէ անոնք որոնք ողջ մնացած կ՚ըլլան Տիրոջ գալուստին ատեն, մեռածներէն առաջ պիտի չանցնին։
16 Որովհետեւ երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան։
17 Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան՝ անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասինպիտի ըլլանք յաւիտեան ։
18 Ուստի այս մտածումներով քաջալերեցէք իրար։