1 Thessalonians 3
1 Ահա թէ ինչու՝ այլեւս չհամբերեցինք։ Որոշեցինք մենք առանձին մնալ Աթէնք.
2 իսկ Տիմոթէոսը, որ մեր եղբայրն է եւ միաժամանակ Աստուծոյ պաշտօնեան եւ Քրիստոսի Աւետարանին մէջ մեր գործակիցը, ղրկեցինք ձեզի՝ որպէսզի ձեզ ամրապնդէ եւ քաջալերէ ձեր հաւատքին մէջ,
3 եւ չըլլայոր ոեւէ մէկը իր համոզումներուն մէջ խախտի ներկայ նեղութիւններուն պատճառով։ Որովհետեւ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ այդ նեղութիւններուն մէջ ապրելու կոչուած ենք։
4 Երբ տակաւին ձեր մօտ էինք, սկիզբէն չըսի՞նք ձեզի՝ թէ նեղութիւններ պիտի կրենք, ինչպէս որ եղաւ ահա, եւ տեսաք։
5 Ճիշդ այդ պատճառով ալ, ես այլեւս չկարենալով համբերել՝ Տիմոթէոսը ղրկեցի, գիտնալու համար թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է ձեր հաւատքը, խորհելով՝ որ չըլլայ թէ Փորձիչը ձեզ փորձութեան մատնած ըլլայ եւ մեր ամբողջ աշխատանքը ի զուր անցած ըլլայ։
6 Հիմա, սակայն, երբ Տիմոթէոս ձեր քովէն մեզի վերադարձաւ եւ աւետիս տուաւ թէ կը պահէք ձեր հաւատքն ու սէրը, եւ թէ ամէն առիթով քաղցրութեամբ կը յիշէք մեզ եւ տեսնել կը փափաքիք, ինչպէս մենք կը փափաքինք ձեզ տեսնել,
7 ատոր վրայ մեր սիրտերը հանգստացան, եղբայրնե՛ր։ Մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքով մխիթարուեցանք։
8 Կեանք եկաւ մեր վրայ, գիտնալով որ հաստատուն կը մնաք, Տիրոջ միացած։
9 Ի՜նչպէս շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք Աստուծոյ՝ ձեզի համար. այն ամբողջ ուրախութեան համար՝ որ մենք մեր Աստուծոյն առջեւ ունեցանք ձեր պատճառով։
10 Գիշեր–ցերեկ թախանձագին կ՚աղաչենք, որ Աստուած մեզի թոյլ տայ ձեզ անձամբ տեսնել եւ ամբողջացնելայն՝ ինչ որ կը պակսի ձեր հաւատքին մէջ։
11 Սակայն Աստուած ինք, մեր Հայրը, եւ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թող իրենք ուղղեն մեր ճամբան, որ կարենանք ձեզի գալ։
12 Տէրը թող աճեցնէ եւ առատացնէ ձեր սէրը իրարու հանդէպ, ինչպէս նաեւ բոլորին հանդէպ, նման այն սիրոյն՝ որ մենք ունինք ձեզի հանդէպ,
13 որպէսզի ձեր սիրտերը ամրապնդուին եւ ամբասիր սրբութեամբ ներկայանաք Աստուծոյ, մեր Հօրը, երբ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս գայ իր բոլոր ընտրեալներով։