1 Peter 5
1 Երէցնե՛ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայեմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին որ պիտի յայտնուի, կ՚աղաչե՜մ,
2 ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ։ Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ։
3 Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին,
4 որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք։
5 Նոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդ եղէք ծերերուն։ Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու, որովհետեւ՝ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։
6 Հետեւաբար Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ՝ ձեզ բարձրացնէ։
7 Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին։
8 Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։
9 Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ՚անցնին։
10 Եւ բոլոր շնորհքներուն պարգեւիչը՝ Աստուած, որ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ իր յաւիտենական փառքին կանչեց ձեզ, նկատի ունենալով որ չափով մը մասնակից եղաք Յիսուսի չարչարանքներուն՝ պիտի կազդուրէ, զօրացնէ եւ ամուր հիմերու վրայ հաստատէ ձեզ։
11 Յաւիտեան ի՛րն են իշխանութիւնն ու փառքը։ Ամէն ։
12 Այս հակիրճ նամակը ձեզի գրեցի Սիղուանոսի ձեռքով, որ ըստ իս՝ մեր հաւատարիմ եղբայրներէն է, որպէսզի քաջալերեմ ձեզ եւ վստահեցնեմ՝ թէ Քրիստոսի չարչարակից ըլլալը Աստուծմէ տրուած իսկական շնորհք մըն է, որ դուք կը վայելէք ապահովաբար։
13 Այստեղ, Բաբելոնի մէջ գտնուող եկեղեցին, որ ձեր ընտրելակիցն է, կ՚ողջունէ ձեզ։ Նոյնպէս բարեւներ Մարկոսէն, իմ որդիէս։
14 Սիրոյ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Խաղաղութի՜ւն ձեր բոլորին, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք։ Ամէն։