1 Peter 1
1 Ես՝ Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, կը գրեմ Աստուծոյ ընտրեալներուդ, որ պանդուխտներու պէս կ՚ապրիք Պոնտոս, Գաղատիա, Կապադովկիա, Ասիա եւ Բիւթանիա նահանգներու տարածքին։
2 Հայրն Աստուած իր կանխագիտութեամբը ձեզ ընտրեց, որպէսզի Սուրբ Հոգիով սրբուած՝ հնազանդիք Յիսուս Քրիստոսի, եւ իր արիւնովը մաքրուիք։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի, առատօրէն։
3 Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը՝
4 թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկինքի մէջ պահուած է ձեզի համար։
5 Եւ Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ, որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան, որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի ։
6 Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ, նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա, ձեր կրածպէս–պէս փորձութիւններուն համար։
7 Այդպիսով փորձուած ձեր հաւատքը շա՛տ աւելի թանկագին է, քան կորստական ոսկին՝ որ կրակին մէջ կը փորձուի, որուն համար ալ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի՝ պիտի գովէ ձեզ եւ փառքի ու պատիւի արժանացնէ։
8 Որովհետեւ զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք, եւ առանց զինք տեսնելու կը հաւատաք, ուրախանալով այն անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ՝ որ ձերը պիտի ըլլայ,
9 երբ ընդունիք ձեր հաւատքին պսակումը՝ հոգիներու փրկութիւնը։
10 Այս փրկութիւնն էր որ փնտռեցին եւ փորձեցին հասկնալ մարգարէները, որոնք ձեզի տրուելիք շնորհքին մասին մարգարէանալով՝
11 կը փորձէին հասկնալ՝ թէ ի՛նչ ժամանակ եւ ի՛նչ պարագաներ կը ծանուցանէր իրենց մէջ գործող Քրիստոսի Հոգին, որ կանուխէն կը վկայէր Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ անոնց յաջորդելիք փառքին մասին։
12 Աստուած անոնց յայտնեց, թէ իրենց փոխանցած այդ պատգամները իրենց ժամանակներուն համար չէին, այլ՝ մեզի համար էր որ խօսեցան այն՝ ինչ որ ներկայիս Աւետարանը քարոզող մարդիկ ձեզի փոխանցեցին, երկինքէն ղրկուած Սուրբ Հոգիին մղումով։ Պատգամներ՝ որոնց կատարումը հրեշտակներն իսկ պիտի ուզէին գէթ մասամբ տեսնել։
13 Հետեւաբար միտքով պատրաստ եւ արթուն եղէք, ձեր ամբողջ յոյսը կապած փրկութեան պարգեւին, որ ձեզի պիտի տրուի՝ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի ։
14 Աստուծոյ հնազանդ զաւակներ եղէք, եւ մի՛ առաջնորդուիք անցեալի ցանկութիւններով, որոնցմով կ՚ապրէիք՝ երբ տակաւին Քրիստոսը չէիք ճանչնար։
15 Այլ, ինչպէս որ ձեզ կանչողը՝ Աստուած սուրբ է, դուք ալ սուրբ եղէք ձեր ամբողջ կեանքով,
16 որովհետեւ գրուած է. «Սուրբ եղէք, որովհետեւ ես սուրբ եմ»։
17 Եթէ «Հայր» կը կոչէք ան՝ որ անաչառ կերպով կը դատէ իւրաքանչիւրը իր գործերուն համաձայն, աստուածավախութեամբ ապրեցէք ձեր պանդխտութեան տարիները,
18 գիտնալով որ կորստական արծաթով կամ ոսկիով չէր որ փրկուեցաք ձեր հայրերէն ժառանգած ձեր ունայն կենցաղէն,
19 այլ՝ անբիծ եւ անարատ Գառնուկին՝ Քրիստոսի թանկագին արիւնովը ։
20 Անիկա աշխարհի ստեղծումէն իսկ առաջ ընտրուած էր, բայց ժամանակներուն վերջաւորութեան երեւցաւ մեզի համար։
21 Իրմով է որ դուք կը հաւատաք Աստուծոյ. անոր՝ որ մեռելներէն յարուցանեց եւ փառաւորեց զայն, որպէսզի դուք ձեր հաւատքն ու յոյսը Աստուծոյ կապէք։
22 Արդ, դուք որ ճշմարտութեան հնազանդելով սրբեցիք ձեր անձերը, որպէսզի անկեղծ եղբայրսիրութեամբ ապրիք, սրտանց սիրեցէ՛ք իրար, մաքուր սրտով։
23 Որովհետեւ Աստուծոյ կենդանի եւ մշտնջենական խօսքով վերստին ծնաք, դուք, իբրեւ զաւակները ո՛չ թէ մահկանացու ծնողքի մը, այլ՝ անմահին։
24 Որովհետեւ «Բոլոր մարդիկ խոտի պէս են, իրենց ամբողջ փառքն ալ՝ վայրի ծաղիկին պէս։ Խոտը կը չորնայ եւ ծաղիկը կը թափի,
25 բայց Տիրոջ խօսքը յաւիտեան կը մնայ»։ Այդ խօսքը այն Աւետարանն է, որ ձեզի քարոզուեցաւ։