Bible

Transform

Your Worship Experience with Great Ease

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 John 5

:
Armenian - 2019
1 Ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Օծեալն է՝ անիկա Աստուծմէ ծնած է. իսկ ով որ ծնողը կը սիրէ, անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։
2 Հետեւաբար, եթէ զԱստուած կը սիրենք եւ անոր պատուիրանները կը կատարենք՝ կը նշանակէ թէ կը սիրենք նաեւ Աստուծոյ զաւակները։
3 Արդարեւ, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ՚արտայայտենք՝ անոր պատուիրանները գործադրելով։ Իսկ անոր պատուիրանները գործադրելը դժուար չէ,
4 որովհետեւ ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին։ Եւ աշխարհին վրայ յաղթանակ տանողը մեր հաւատքն է։
5 Արդ, ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին։
6 Ի՛նքն էր, Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզ սրբելու եկաւ իր մկրտութեամբ եւ իր արիւնով ։ Ո՛չ միայն ջուրով, այլ՝ ջուրով եւ արիւնով։
7 Եւ Սուրբ Հոգին ինք կը վկայէ ատոր ճշմարտութեան, որովհետեւ Հոգին ինք ճշմարտութիւնն իսկ է։
8 Եւ այս երեք վկաները՝ Սուրբ Հոգին, մկրտութեան ջուրը եւ արիւնը, երեքն ալ նոյն վկայութիւնը կու տան։
9 Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ՚ընդունինք, ի՞նչպէս չընդունինք Աստուծոյ վկայութիւնը, որ աւելի մեծ է. իսկ Աստուծոյ վկայութիւնը՝ իր Որդիին համար տուած վկայութիւնն է։
10 Ով որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը. իսկ ով որ չի հաւատար՝ ստախօս կը հանէ զԱստուած, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան, որ Աստուած իր Որդիին համար կու տայ։
11 Իսկ տրուած վկայութիւնը սա է, թէ Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի, եւ այդ կեանքին աղբիւրը Որդին ինքն է։
12 Հետեւաբար, ով որ Աստուծոյ Որդին իր մէջ ընդունած է՝ այդ կեանքը ունի. իսկ ով որ չունի Որդին՝ յաւիտենական կեանք ալ չունի։
13 Ասիկա գրեցի ձեզի, Աստուծոյ Որդիին հաւատացողներուդ, որպէսզի գիտակցիք՝ թէ յաւիտենական կեանք ունիք։
14 Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ։
15 Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէպիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք իրմէ։
16 Երբ մէկը տեսնէ, թէ իր հաւատացեալ եղբայրներէն մէկը գործեց մեղք մը որ մահացու չէ, թող աղօթէ՛ Աստուծոյ՝ որ կեանք տայ անոր։ Ասիկա կ՚ըսեմ միայն անոնց համար՝ որոնց մեղքերը մահացու չեն, որովհետեւ մահացու մեղքեր ալ կան, որոնց համար չեմ ըսեր որ աղօթէ։
17 Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց ամէն մեղք մահացու չէ։
18 Գիտենք, թէ ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր, այլ Աստուծոյ ծնունդը՝ Քրիստոս կը պահպանէ զայն եւ Չարը անոր չի մօտենար։
19 Թէպէտ ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ ըլլայ, մենք գիտենք թէ Աստուծմէ ենք։
20 Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը ։
21 Որդեակնե՛ր, դուք ձեզ կուռքերէ հեռո՛ւ պահեցէք։