Bible

Engage

Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 John 4

:
Armenian - 2019
1 Սիրելինե՛ր, մի՛ հաւատաք ամէն մարդու՝ որ կ՚ըսէ թէ Աստուծոյ Հոգին ունի։ Փորձեցէ՛ք զանոնք, գիտնալու համար՝ թէ իրապէս Աստուծո՞յ Հոգիով կը խօսին. որովհետեւ բազմաթիւ սուտ մարգարէներ երեւան ելած են աշխարհի մէջ։
2 Հետեւեալ ձեւով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգիով խօսողները.– Ով որ կը խոստովանի թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով իրապէս մարդացաւ՝ անիկա Աստուծոյ Հոգիով է որ կը խօսի։
3 Իսկ ով որ չի՛ խոստովանիր թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով մարդացաւ՝ անիկա Աստուծոյ Հոգիով չէ՛ որ կը խօսի, այլ Նեռին՝ Քրիստոսի հակառակորդին դրդումովը. անոր՝ որուն մասին լսած էիք թէ պիտի գայ, եւ ահա արդէն իսկ աշխարհի մէջ է։
4 Որդեակնե՛ր, դուք Աստուծմէ ծնած էք եւ յաղթեցիք այդ սուտ մարգարէներուն, որովհետեւ ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհին պատկանողներուն մէջ։
5 Անոնք աշխարհին կը պատկանին եւ աշխարհին ուզած ձեւով կը խօսին, ատոր համար ալ աշխարհը մտիկ կ՚ընէ զիրենք։
6 Մինչդեռ մենք Աստուծոյ կը պատկանինք. ով որ զԱստուած կը ճանչնայ՝ մտիկ կ՚ընէ մեզ. իսկ ով որ Աստուծոյ չի պատկանիր՝ մտիկ չ՚ըներ մեզ։ Ահա այսպէ՛ս է որ կը զանազանենք ճշմարտութեան հոգին եւ խաբէութեան հոգին։
7 Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք իրար, որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է. ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է եւ զԱստուած կը ճանչնայ։
8 Իսկ ով որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար, որովհետեւ Աստուած սէր է։
9 Աստուծոյ սէրը հետեւեալ ձեւով մեզի յայտնուեցաւ.– Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի անով կեանք ունենանք։
10 Այս է ահա ճշմարիտ սէրը. ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած ինք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերը քաւող իբրեւ Զոհ։
11 Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է իրար սիրենք։
12 Ոեւէ մէկը բնաւ զԱստուած չէ տեսած։ Եթէ իրար սիրենք՝ կը նշանակէ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեր մէջ կատարեալ է եւ Աստուած մեզի միացած կը մնայ։
13 Ապացոյցը, թէ մենք Աստուծոյ միացած կը մնանք եւ Աստուած՝ մեզի, նոյնինքն իր Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ։
14 Եւ մենք տեսանք ու կը վկայենք, թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց, որպէսզի անիկա աշխարհի Փրկիչը ըլլայ։
15 Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ անոր։
16 Եւ մենք հաւատացինք ու ճանչցանք այն սէրը, որ Աստուած ունի մեզի հանդէպ։ Աստուած սէր է։ Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած։
17 Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը այսպէս կատարեալ է մեր մէջ, դատաստանին օրը համարձակ կերպով կը կանգնինք Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրինք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ։
18 Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ։ Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։
19 Հետեւաբար՝ մենք սիրե՛նք զԱստուած, որովհետեւ նախ ինք մեզ սիրեց։
20 Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ «Ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ։
21 Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.– Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ։