Bible

Connect

With Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 John 2

:
Armenian - 2019
1 Որդեակնե՛րս, այս բաները կը գրեմ ձեզի, որպէսզի մեղքի մէջ չիյնաք։ Իսկ եթէ ոեւէ մէկը մեղքի մէջ իյնայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք միակ Արդարը՝ Յիսուս Քրիստոսը ։
2 Անիկա՛ է մեր մեղքերը քաւող Զոհը, որ ինքզինք մատուցանեց՝ մեր մեղքերը սրբելու համար. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերը սրբելու համար։
3 Եթէ գործադրենք իր պատուիրանները, այն ատեն միայն կը գիտնանք՝ թէ զինք կը ճանչնա՞նք թէ ոչ։
4 Ով որ կ՚ըսէ՝ «Ես կը ճանչնամ զայն», բայց անոր պատուիրանները չի կատարեր, սուտ կը խօսի եւ իր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։
5 Իսկ ով որ կը կատարէ անոր խօսքը, ատով իսկ ցոյց կու տայ՝ թէ իրապէս իր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ հանդէպ սէրը։ Ահա այսպէ՛ս կրնանք գիտնալ թէ Քրիստոսի միացած կը մնանք։
6 Ով որ կ՚ըսէ թէ Քրիստոսի միացած կը մնայ, պէտք է ապրի այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ։
7 Սիրելինե՛ր, նոր պատուիրան մը չէ՛ որ կը գրեմ ձեզի, այլ՝ այն հին պատուիրանը, որ սկիզբէն ունեցաք։ Այդ հին պատուիրանը այն պատգամն է՝ որ լսեցիք արդէն։
8 Եւ սակայն դարձեալ իբրեւ նոր պատուիրան կը գրեմ ձեզի հետեւեալը, որուն ճշմարիտ ըլլալը տեսաք Քրիստոսի եւ ձեր կեանքերուն մէջ, թէ՝ ահա խաւարը կ՚անցնի եւ արդէն իսկ ճշմարիտ լոյսը կ՚երեւի։
9 Ով որ կ՚ըսէ՝ թէ ինք լոյսի մէջ է, եւ իր եղբայրը կ՚ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։
10 Մինչդեռ իր եղբայրը սիրողը լոյսի մէջ կը մնայ եւ գայթակղութեան պատճառ չի դառնար։
11 Իր եղբայրը ատողը, ընդհակառակը, խաւարի մէջ է, խաւարի մէջ կը քալէ եւ չի՛ գիտեր ուր կ՚երթայ, որովհետեւ խաւարը կուրցուցեր է իր աչքերը։
12 Կը գրեմ ձեզի, որդեակնե՛ր, որովհետեւ ձեր մեղքերը ներուած են Քրիստոսի սիրոյն։
13 Կը գրեմ ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ ճանչցաք Ան՝ որ սկիզբէն գոյութիւն ունի։ Կը գրեմ ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ յաղթեցիք Չարին ։
14 Այո՛, գրեցի ձեզի, զաւակնե՛րս, որովհետեւ ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ ճանչցաք Ան՝ որ սկիզբէն գոյութիւն ունի։ Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ Աստուծմով զօրացաք. Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը մնայ, եւ յաղթեցիք Չարին։
15 Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ ոեւէ բան։ Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ։
16 Որովհետեւ աշխարհին յատուկ բաներն են՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքին տեսածը ունենալու ցանկութիւնը եւ երկրաւոր ինչքերով հպարտանալը, որոնք Հօրմէն չեն գար, այլ՝ այս աշխարհէն։
17 Գիտցէ՛ք սակայն, աշխարհն ալ կ՚անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը ինք՝ յաւիտեան կը մնայ։
18 Զաւակնե՛րս, վերջին ժամանակը հասեր է։ Դուք լսած էք, թէ Նեռը՝ Քրիստոսի հակառակորդը պիտի գայ։ Արդ ահա բազմաթիւ Քրիստոսի հակառակորդներ երեւան ելած են, որմէ կը գիտնանք թէ վերջին ժամանակն է։
19 Մեր մէջէն ելան անոնք, բայց մեզմէ չէին. որովհետեւ եթէ մեզմէ ըլլային՝ մեզի հետ ալ պիտի մնային։ Բայց մեզմէ հեռացան, որպէսզի յայտնի ըլլայ՝ թէ անոնցմէ ոեւէ մէկը մեզմէ չէր։
20 Սակայն դուք Սուրբ Հոգիին պարգեւը ունիք, որովհետեւ անով էր որ ձեզ օծեց Սուրբը, Քրիստոս, եւ դուք գիտէք ամէն բան։
21 Այս նամակը ձեզի կը գրեմ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ճշմարտութիւնը չէք գիտեր, այլ՝ ընդհակառակը, հաստատելու համար թէ գիտէք զայն, եւ թէ ճշմարտութենէն ոեւէ ստութիւն չի ծնիր։
22 Հետեւաբար՝ ո՞վ է ստախօսը, եթէ ոչ ան՝ որ կ՚ուրանայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Քրիստոսի հակառակորդն է այնպիսին, որ կ՚ուրանայ թէ՛ Հայրը եւ թէ՛ Որդին։
23 Որովհետեւ ով որ կը մերժէ Որդին՝ Հայրն ալ մերժած կ՚ըլլայ. իսկ ով որ կ՚ընդունի Որդին՝ Հայրն ալ ընդունած կ՚ըլլայ։
24 Հետեւաբար՝ դուք ձեր սրտին մէջ պահեցէք Տիրոջ խօսքերը, որ սկիզբէն լսեցիք։ Եթէ ձեր մէջ պահէք ինչ որ սկիզբէն սորվեցաք, դուք ալ Հօրը եւ Որդիին միացած պիտի մնաք։
25 Եւ ասիկա նոյնինքն յաւիտենական կեանքն է, որ Քրիստոս մեզի տալ խոստացաւ։
26 Այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէսզի չըլլա՛յ թէ մէկը ձեզ մոլորեցնէ։
27 Գալով ձեզի, որքան ատեն որ ձեր մէջ կը մնայ Սուրբ Հոգին, որով Քրիստոս ձեզ օծեց, պէտք չունիք ուրիշ մէկէն սորվելու։ Հոգին ինք կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, եւ կը սորվեցնէ ճշմարիտը, եւ ո՛չ թէ ստութիւնը։ Ուստի Քրիստոսի միացած մնացէք, ինչպէս որ Սուրբ Հոգին ձեզի սորվեցուց։
28 Այո՛, որդեակներս, Քրիստոսի միացած մնացէք, որպէսզի իր գալստեան օրը երբ ինք յայտնուի՝ ամօթով չմնանք, այլ համարձակօրէն կանգնինք իր դիմաց։
29 Գիտէք թէ արդար է անիկա. ուստի ով որ արդարութիւն կը գործէ՝ անոր հարազատ զաւակն է։