Bible

Transform

Your Worship Experience with Great Ease

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 9

:
Armenian - 2019
1 Միթէ ազատ չե՞մ. միթէ առաքեալ չե՞մ. միթէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ես իմ աչքերովս չտեսա՞յ. միթէ իմ աշխատանքովս չէ՞ր որ դուք Տիրոջ պատկանեցաք։
2 Նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն համար առաքեալ չեմ, բայց եւ այնպէս ձեզի համար՝ եմ. եւ իմ առաքելութեանս կնիքը դո՛ւք էք, որ Տիրոջ կը պատկանիք։
3 Զիս քննադատողներուն պատասխանս սա է.–
4 Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք մեր աշխատանքին փոխարէն ուտելիք կամ խմելիք ստանալու։
5 Միթէ իրաւունք չունի՞նք մեր հաւատակից կինը մեզի հետ շրջեցնելու, ինչպէս միւս առաքեալները, Տիրոջ եղբայրները եւ Կեփաս կ՚ընեն։
6 Միայն ես ու Բառնաբա՞սը իրաւունք չունինք Աւետարանի քարոզութեամբ ապրուստ շահելու։
7 Ո՞ր զինուորը իր սեփական ծախսով զինուորութիւն կ՚ընէ։ Կա՞յ մէկը որ այգի տնկէ եւ անոր պտուղէն չվայելէ։ Կա՞յ հովիւ մը որ ոչխարներուն կաթէն չճաշակէ։
8 Բայց միթէ պարզապէս մարդկային փորձառութեա՞մբ է որ այս բաները կ՚ըսեմ. Օրէնքն ալ նոյն բանը չ՚ը՞սեր։
9 Արդարեւ, Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Աստուած եզներո՞վ մտահոգուած էր միթէ.
10 չէ՞ որ մեզի համար է որ կ՚ըսէ ատիկա. ինչպէս դարձեալ մեզի համար գրուած է հետեւեալը. «Հերկողը յոյս պէտք է ունենայ՝ որ հերկէ, եւ ցորենը կամնողը անկէ վայելելու յոյսը պէտք է ունենայ՝ որ կամնէ»։
11 Եթէ մենք հոգեւոր սերմ ցանեցինք ձեր մէջ, շա՞տ է՝ եթէ նիւթական բարիք հնձենք ձեզմէ։
12 Եւ եթէ ուրիշներ իրաւունք կը սեպեն այդ բարիքները վայելել ձեզմէ, մենք աւելի իրաւունք չունի՞նք։ Բայց մեր այս իրաւունքը երբեք չգործածեցինք. այլ՝ ամէն բանի կը համբերենք, որպէսզի ոեւէ բանով արգելք չըլլանք Քրիստոսի Աւետարանին տարածման։
13 Չէ՞ք գիտեր, որ տաճարին մէջ ծառայողները տաճարէն կը կերակրուին, եւ զոհարանին վրայ զոհ մատուցանող քահանաները իրենց բաժինը կ՚ունենան անկէ։
14 Նոյնպէս ալ Տէրը Աւետարանը քարոզողներուն հրաման տուաւ որ Աւետարանի քարոզութեամբ ապրին։
15 Բայց ես այդ իրաւունքներէն ոեւէ մէկը չգործածեցի։ Ո՛չ ալ այս բաները կը գրեմ՝ այդպիսի իրաւունքներ ստանալու համար։ Կը նախընտրեմ մեռնիլ՝ քան թոյլ տալ որ ոեւէ մէկը այս պարծանքս ինձմէ առնէ։
16 Անշուշտ պարծենալիք բան մը չունիմ՝ երբ Աւետարանը կը քարոզեմ, որովհետեւ պարտաւոր եմ ատիկաընելու, եւ վա՜յ ինծի՝ եթէ չքարոզեմ։
17 Եթէ ազատ կամքովս ընէի այս քարոզութիւնը, վարձատրութիւն պիտի ակնկալէի. բայց իմ կամքովս չէ որ կ՚ընեմ, քանի Աստուծմէ ինծի յանձնուած պարտականութիւն մըն է։
18 Իսկ վարձատրութի՞ւնս։ Վարձատրութիւնս պիտի ըլլայ այն՝ որ ձրիօրէն քարոզեմ Աւետարանը, չգործածելով այն իրաւունքները որ ունիմ իբրեւ Աւետարանի քարոզիչ։
19 Արդարեւ, թէպէտ ազատ էի, ոեւէ մէկուն ենթակայ չէի, բայց ինքզինքս բոլորին ծառայ դարձուցի՝ որպէսզի շատերը սիրաշահիմ։
20 Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ՝ որպէսզի Հրեաները սիրաշահիմ, այսինքն՝ Մովսիսական Օրէքին ենթակայմարդոց հետ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդու պէս ապրեցայ, հակառակ այլեւս այդ Օրէնքին ենթակայ չըլլալուս, որպէսզի Օրէնքին ենթակայ եղողները սիրաշահիմ։
21 Մովսիսական Օրէնքը չճանչցող հեթանոսներուն հետ՝ հեթանոսի պէս եղայ, զանոնք եւս սիրաշահելու համար։ Ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքէն դուրս եկայ, այլ՝ Քրիստոսի օրէնքին ենթարկուեցայ։
22 Հաւատքով տկարներուն հետ՝ տկարի պէս եղայ, որպէսզի զանոնք ալ սիրաշահիմ։ Մէկ խօսքով, ամենուն հետ ամէ՛ն ինչ եղայ, որպէսզի ամէն գնով կարենամ ոմանք փրկել։
23 Եւ այս բոլորը կ՚ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ։
24 Մրցադաշտին վրայվազքիմասնակցողներունօրինակը գիտէք, չէ՞։ Վազելը՝ բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի։ Դուք ալ, այնպէս վազեցէք՝ որ մրցանակինհասնիք։
25 Մարզիկներըիրենքզիրենք խիստ կանոններու կ՚ենթարկեն՝ վաղանցուկ դափնեպսակ մը առնելու համար. իսկ մենք նոյնը կ՚ընենք՝ յաւերժական դափնեպսակին համար։
26 Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ. կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր։
27 Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ։