Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 6

:
Armenian - 2019
1 Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ, երբ ձեզմէ մէկը ոեւէ խնդիր ունի իր ընկերոջ հետ՝ կը համարձակի անհաւատ հեթանոսներու դատաստանին դիմել, փոխանակ Աստուծոյ եկեղեցիինդիմելու ։
2 Միթէ չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ ժողովուրդն է որ պիտի դատէ աշխարհը։ Եւ եթէ աշխարհը դուք պիտի դատէք, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ չնչին դատ մը իսկ չէք կրնար տեսնել։
3 Չէ՞ք գիտեր թէ հրեշտակներն իսկ մենք պիտի դատենք, ալ ո՛ւր մնաց՝ այս աշխարհի խնդիրները։
4 Արդ, ձեր հասարակ խնդիրներուն համար ի՞նչպէս կրնաք դատաւոր կարգել անոնք՝ որոնք եկեղեցիին կողմէ մերժելի են։
5 Ամօթ չէ՞ ձեզի։ Ձեր մէջ չկա՞յ իմաստուն մը որ կարենայ ձեր միջեւ ծագած խնդիրները վճռել,
6 որ քրիստոնեայ եղբայր մը իր հաւատակից եղբայրը դատի կը քաշէ, այն ալ՝ անհաւատներուն առջեւ։
7 Բայց արդէն իսկ ձեզի համար յանցանք է իրարու դէմ դատ ունենալը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար որ յանձն առնէիք անիրաւուիլ կամ զրկանք կրել։
8 Մինչդեռ դուք էք որ անիրաւութիւն կ՚ընէք եւ կը զրկէք. եւ ատիկա կ՚ընէք՝ նոյնինքն ձեր հաւատակից եղբայրներուն։
9 Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնք որ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ,
10 գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։
11 Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսին չէի՞ն։ Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ։
12 Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ ոեւէ բանի գերին դառնամ։
13 Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սակայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պիտի խափանէ։ Բայց նոյնը չէ մարմինին պարագան։ Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին։
14 Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ իր զօրութեամբը։
15 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են։ Քրիստոսի անդամները առնենք պոռնիկի անդա՞մ դարձնենք։ Բնա՛ւ երբեք։
16 Չէ՞ որ գիտէք թէ պոռնիկին միացողը անոր հետ մէկ մարմին կը կազմէ, որովհետեւ գրուած է. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։
17 Նոյնպէս ալ, ով որ Տիրոջ միանայ՝ անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ։
18 Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք։ Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ։
19 Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը,
20 այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով։