Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 3

:
Armenian - 2019
1 Ես ալ, եղբայրնե՛ր, սկիզբը չէի կրնար ձեզի խօսիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի խօսէի Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդոց հետ. այլ խօսեցայ այնպէս՝ ինչպէս պէտք էր խօսիլ աշխարհին պատկանող մարդոց։ Քրիստոնէական հաւատքին մէջ դեռ երեխաներ էիք,
2 ուստի կաթ ջամբեցի ձեզի եւ ո՛չ թէ կերակուր, որովհետեւ չէիք կրնար ուտել։ Բայց նոյնիսկ հիմա չէք կրնար,
3 որովհետեւ դեռ աշխարհին պատկանող մարդոց պէս կ՚ապրիք։ Տակաւին ձեր մէջ եղող նախանձն ու հակառակութիւնը միթէ ցոյց չե՞ն տար որ դեռ մարմնաւոր էք եւ աշխարհի չափանիշներով խորհող մարդոց պէս կը վարուիք։
4 Երբ ձեզմէ մէկը կ՚ըսէ՝ «Ես Պօղոսին կը հետեւիմ», իսկ ուրիշ մը՝ թէ «Ես Ապողոսի կը հետեւիմ», յստակ չէ՞ որ աշխարհիկ մարդոց պէս կը խորհիք։
5 Վերջին հաշուով՝ Պօղո՛սը ով է, Ապողոսը ով է. պաշտօնեաներ են՝ որոնց միջոցաւ հաւատացիք, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարզապէս կատարեց այն պաշտօնը որ Տէրը տուաւ։
6 Ես տնկեցի, Ապողոսը ջրեց. բայց Աստուած էր որ աճեցուց։
7 Այլեւս ո՛չ տնկողը կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ, ո՛չ ալ ջրողը, այլ աճեցնողը՝ Աստուած։
8 Տնկողն ու ջրողը տարբերութիւն չունին, իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին համաձայն իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ։
9 Որովհետեւ մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներ ենք. դուք Աստուծո՛յ անդաստանն էք եւ Աստուծո՛յ շինութիւնը, եւ ո՛չ թէ մերը։
10 Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքին համաձայն, ես՝ որպէս փորձառու ճարտարապետ՝ հաւատքին հիմը դրի. բայց ուրի՛շն է որ անոր վրայ պիտի շինէ։ Ամէն ոք զգոյշ պէտք է ըլլայ, սակայն, թէ ի՛նչպէս կը շինէ։
11 Որովհետեւ ոեւէ մէկը չի կրնար ուրիշ հիմ դնել, քան Աստուծոյ դրած միակ հիմը, որ Յիսուս Քրիստոս է։
12 Այդ հիմինվրայ շինուածըկրնայ ոսկի, արծաթ կամ թանկագին քար ըլլալ, եւ կամ կրնայ փայտ, խոտ կամ եղէգ ըլլալ։
13 Իւրաքանչիւրին գործը դատաստանի օրը պիտի յայտնուի, եւ ատիկա կրակը պիտի յայտնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին գործին որակը կրակով պիտի փորձուի։
14 Եթէ մէկուն շինածը կրակին դիմանայ՝ ենթական պիտի վարձատրուի.
15 իսկ եթէ այրի՝ ենթական պիտի տուժէ, այսինքն թէեւ անձը ինք պիտի փրկուի, սակայն իր գործերուն համար վարձատրութիւն պիտի չստանայ։
16 Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ։
17 Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը։
18 Ոեւէ մէկը ինքզինք թող չխաբէ։ Ձեզմէ ով որ այս աշխարհին չափանիշով ինքզինք իմաստուն կը կարծէ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէսզի իրաւ իմաստուն ըլլայ։
19 Որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ աչքին յիմարութիւնէ, ինչպէս Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Աստուած իմաստունները իրենց ճարպիկութեան մէջ կը բռնէ»։
20 Իսկ ուրիշ տեղ մը գրուած է. «Տէրը գիտէ իմաստուններու խորհուրդները, որոնք անարժէք են»։
21 Հետեւաբար, թող ոեւէ մէկը չպարծենայ մարդոցմով,
22 որովհետեւ ամէն ինչ ձեզի համար է. Պօղո՛սն ալ ձեզի համար է, Ապողո՛սն ալ, Կեփա՛սն ալ։ Նոյնպէս այս աշխարհը, թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը, թէ՛ ներկան եւ թէ՛ ապագան, բոլորը ձեզի համար են։
23 Իսկ դուք Քրիստոսի կը պատկանիք, եւ Քրիստոս ալ՝ Աստուծոյ։