Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 16

:
Armenian - 2019
1 Ինչ կըվերաբերի Երուսաղէմիհաւատացեալներուն համար կատարուելիք հանգանակութեան, դո՛ւք ալ ըրէք այն՝ ինչ որ Գաղատիայի եկեղեցիներուն պատուիրեցի։
2 Ամէն Կիրակի ձեզմէ իւրաքանչիւրը պզտիկ խնայողութիւն մը թող մէկ կողմ դնէ, իր կարողութեան չափով, որպէսզի հանգանակութիւնը գալէս ետք չըլլայ,
3 այլ երբ գամ՝ յանձնարարական նամակներ տամ եւ Երուսաղէմ ղրկեմ ձեր ընտրած մարդիկը, որպէսզի ձեր նուէրները տանին։
4 Իսկ եթէ իմ երթալս ալ յարմարի՝ հետս կ՚երթան։
5 Երբոր Մպկեդոնիպ պնցնիմ՝ ձեր մօտ ալ պիտի գամ։ Արդարեւ Մակեդոնիայէն պիտի անցնիմ։
6 Հաւանաբար քիչ մը ձեր մօտ մնամ. թերեւս ձմեռն ալ հոդ անցընեմ, որպէսզի յետոյ ձեր օգնութեամբ երթամ ուր որ երթալիք ըլլամ։
7 Այս անգամ չեմ ուզեր անցողակի տեսնել ձեզ. յուսով եմ որ ժամանակ մը կը մնամ ձեր մօտ, եթէ Տէրը թոյլ տայ։
8 Հիմակուհիմա Եփեսոս կը մնամ, մինչեւ Պենտէկոստէի տօնը,
9 որովհետեւ աշխատանքի շատ մեծ եւ կարեւոր պատեհութիւն մը բացուած է դիմացս, թէպէտ հակառակորդները շատ են։
10 Երբ Տիմոթէոսը գայ, այնպէս ըրէք՝ որ չվախնայ ձեր մօտ մնալու։ Ան ալ Տիրոջ համար կ՚աշխատի, ինծի պէս.
11 հետեւաբար չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը զինք արհամարհէ։ Զայն խաղաղութեամբ հոս՝ քովս ղրկեցէք, որովհետեւ այստեղի հաւատացեալ եղբայրներով միասին իրեն կը սպասեմ։
12 Գալով Ապողոս եղբօր, շատ խնդրեցի որ հաւատացեալ քանի մը եղբայրներով ձեր մօտ գայ. բայց չուզեց հիմա գալ։ Յարմար առիթով մը պիտի գայ սակայն։
13 Արթուն եղէք, հաստատուն մնացէք ձեր հաւատքին վրայ. քաջ եղէք, զօրացէք։
14 Ինչ որ կ՚ընէք՝ սիրով ըրէք։
15 Գիտէք Ստեֆանասը, որ Աքայիա նահանգին մէջ Քրիստոսի առաջին հաւատացողն է, եւ իր ընտանիքի անդամները, որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրեցին։ Կ՚աղաչեմ, եղբայրնե՛ր,
16 որ հնազանդիք այնպիսիներուն եւ անոնց բոլոր գործակիցներուն ու ծառայակիցներուն։
17 Ուրախացայ՝ երբ Ստեֆանասը, Ֆորտունատոսն ու Աքայիկոսը եկան։ Ձեր լուրերը իրենցմէ առի,
18 եւ միտքս հանգստացաւ, ինչպէս հիմա ձեր միտքն ալ հանգստացաւ։ Յարգեցէ՛ք այդպիսիները։
19 Ասիա նահանգի եկեղեցիները բարեւ ունին ձեզի։ Շատ բարեւ ունին նաեւ Ակիլասն ու Պրիսկան, որոնք Տիրոջ հաւատացողներ են, եւ ամբողջ եկեղեցին որ անոնց տունը կը հաւաքուի։
20 Բոլոր հաւատացեալ եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։ Դուք ալ իրար ողջունեցէք սուրբ համբոյրով։
21 Ես՝ Պօղոս, այս բարեւը իմ ձեռքովս կը գրեմ։
22 Ով որ Տէր Յիսուսը չի սիրեր՝ նզովեալ ըլլայ։ Մարան աթա. Տէրը շուտով կու գայ։
23 Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
24 Իմ սէրս ալ ձեզի հետ ըլլայ. բոլորիդ՝ որ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանիք։ Ամէն։