1 Corinthians 15
1 Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ ձեզի յիշեցնել այն Աւետարանը որ իմ քարոզութեամբս ընդունեցիք եւ որուն հաւատարիմ կը մնաք։
2 Այդ Աւետարանով ալ կը փրկուիք, եթէ զայն պահէք այնպէս՝ ինչպէս ես ձեզի քարոզեցի. այլապէս զուր տեղ հաւատացած կ՚ըլլաք։
3 Ես ձեզի փոխանցեցի այն հաւատքը որ նախ ե՛ս ընդունեցի. այն՝ որ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, ինչպէս Սուրբ գիրքերը կ՚ըսէին,
4 թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, դարձեալ Սուրբ գիրքերուն համաձայն,
5 ու երեւցաւ Պետրոսին եւ ապա տասնըմէկ առաքեալներուն ։
6 Յետոյ երեւցաւ միատեղ խմբուած հինգ հարիւրէ աւելի հետեւորդներու. թէպէտեւ անոնցմէ ոմանք մեռած են, բայց շատերը ողջ են տակաւին։
7 Այնուհետեւ երեւցաւ Յակոբոսին եւ ապա բոլոր առաքեալներուն։
8 Ի վերջոյ, բոլորէն յետոյ երեւցաւ նաեւ ինծի, վիժածիս։
9 Արդարեւ, առաքեալներուն մէջ յետինն եմ ես եւ արժանի իսկ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։
10 Բայց հիմա ինչ որ եմ՝ Աստուծոյ շնորհքին կը պարտիմ. եւ կրնամ ըսել՝ թէ Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքը ապարդիւն չեղաւ, որովհետեւ բոլոր առաքեալներէն աւելի ե՛ս աշխատեցայ, թէպէտ ինչ որ ըրի՝ ես չըրի, այլ իմ մէջս գործող Աստուծոյ շնորհքը։
11 Սակայն կարեւոր չէ՝ ե՞ս քարոզեցի թէ միւս առաքեալները. որովհետեւ բոլորիս ալ քարոզածը նոյն Աւետարանն է, որուն դուք հաւատացիք։
12 Արդ, քանի մենք կը քարոզենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեր մէջէն ոմանք կ՚ելլեն ըսելու՝ թէ «Մեռելներու յարութիւն չկայ»։
13 Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած.
14 եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը։
15 Այդ պարագային մենք Աստուծոյ համար սուտ վկայած կ՚ըլլանք, քանի վկայեցինք՝ թէ Աստուած Քրիստոսը յարուցանեց. մինչդեռ եթէ ընդունինք թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ըսած կ՚ըլլանք նաեւ՝ թէ Աստուած Քրիստոսը չյարուցանեց։
16 Որովհետեւ երբ կ՚ըսենք՝ «Մեռելները յարութիւն չեն առներ», Քրիստոսի յարութիւնն ալ մերժած կ՚ըլլանք։
17 Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք։
18 Ուրեմն ի՞նչ. անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան՝ կորսուա՞ծ են ընդմիշտ։
19 Եթէ այդպէս է, եւ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ ամենէն խղճալիներն ենք։
20 Բայց ո՛չ. Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան։
21 Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը։
22 Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան։
23 Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգին։ Այժմ երախայրիքը՝ Քրիստոս, իսկ իր երկրորդ գալուստին՝ բոլոր իրեն պատկանողները.
24 որմէ ետք պիտի գայ վախճանը, երբ Քրիստոս թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Հօր Աստուծոյ, ոչնչացնելէ ետք ոգեղէն աշխարհի չար իշխանութիւնները, պետութիւնները եւ զօրութիւնները։
25 Որովհետեւ Քրիստոս պիտի թագաւորէ՝ մինչեւ որ Աստուած բոլոր թշնամիները անոր ոտքերուն տակ դնէ իբրեւ պատուանդան։
26 Վերջին թշնամին որ պիտի բնաջնջուի՝ Մահը պիտի ըլլայ։
27 Այդպիսով պիտի կատարուի մարգարէութիւնը, թէ «Աստուած ամէն բան անոր ենթարկեց»։ Բայցանշուշտ երբ կ՚ըսէ՝ «ամէն բան անոր ենթարկած է», յստակօրէն կը հասկնանք՝ «ամէն ինչ» բացի Աստուծմէ, որ ամէն բան անոր ենթարկեց։
28 Իսկ երբ ամէն բան ենթարկուի Որդիին, այն ատեն Որդին ալ ինքզինք պիտի ենթարկէ Աստուծոյ, որ ամէն բան իրեն ենթարկեց, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէն բանի մէջ։
29 Եթէ մեռելներըբնաւալյարութիւնպիտիչառնեն, հապա ի՞նչ է որ կ՚ընեն անոնք՝ որ մեռելներուն փոխարէն կը մկրտուին. ինչո՞ւ ուրեմն կը մկրտուին անոնց փոխարէն։
30 Իսկ մե՞նք. ինչո՞ւ կը շարունակենք նեղութիւններ կրել։
31 Ամէն օր ես ինքզինքս մահուան վտանգին կ՚ենթարկեմ, եղբայրնե՛ր. վկայ էք դուք՝ իմ պարծանքս, որ մեր Տիրոջ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանիք։
32 Եթէ իբրեւ ոեւէ մարդ մտածէի՝ ի՞նչ պէտք ունէի «գազան» ներու դէմ կռուելու այստեղ, Եփեսոսի մէջ։ Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ՝ ուրեմն «Ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք», ինչպէս մարդիկ յաճախ կ՚ըսեն։
33 Ո՛չ, եղբայրնե՛ր. չխաբուի՛ք։ «Չար ընկերը լաւ նկարագիրը կը խաթարէ»։
34 Սթափեցէք եւ արդար կեանք վարեցէք. մի՛ մեղանչէք։ Դեռ ձեզմէ շատեր զԱստուած չեն ճանչցած։ Ասիկա կ՚ըսեմ՝ որ ամչնաք։
35 Բայց մէկը կրնայ հարցնել. «Ի՞նչպէս յարութիւն կ՚առնեն մեռելները. կամ ի՞նչպիսի մարմինով պիտի գան»։
36 Լսէ՛, անմի՛տ։ Նախ, երբ սերմնահատիկ մը ցանես՝ հատիկը չի բուսնիր մինչեւ չմեռնի։
37 Եւ յետոյ, սերմանածդ պարզ հատիկ մըն է, ցորենի կամ ուրիշ սերմերու, եւ ո՛չ թէ այն հասկը որ պիտի ծլի։
38 Աստուած այդ հատիկին մարմին մը կու տայ, ինչպէս որ ինք կը կամենայ. բայց սերմերէն իւրաքանչիւրին՝ իրեն յատուկ մարմինը կու տայ։
39 Անշուշտամէն մարմին նոյնը չէ։ Մարդոց մարմինը ուրիշ է, կենդանիներուն մարմինը՝ ուրիշ. թռչուններուն մարմինը ուրիշ է, ձուկերուն մարմինը՝ ուրիշ։
40 Կան նաեւ երկնաւոր մարմիններ ու երկրաւոր մարմիններ. սակայն ուրի՛շ է երկնաւոր մարմիններու շքեղութիւնը, եւ ուրիշ՝ երկրաւոր մարմիններու շքեղութիւնը։
41 Ուրիշ է արեւուն շքեղութիւնը, ուրիշ՝ լուսինին շքեղութիւնը, եւ դեռ ուրիշ՝ աստղերուն շքեղութիւնը։ Եւ նոյնիսկ աստղերէն ոմանք աւելի շքեղ են քան միւսները։
42 Ճիշդ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեռելներու յարութիւնը։ Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ անեղծ.
43 հող կը դրուի անարգ, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ փառաւոր. հող կը դրուի տկար, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրաւոր.
44 հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին, եւ յարութիւն կ՚առնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին։ Ինչպէս որ շնչաւոր մարմին կայ, այնպէս ալ հոգեւոր մարմին կայ։
45 Սուրբ գիրքին մէջ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ, ստեղծուեցաւ իբրեւ շնչաւոր էակ», մինչ երկրորդ Ադամը՝ կենդարար հոգի է։
46 Արդ, շնչաւոր մարմինը նուազ կարեւոր է, քան հոգեւորը. ատոր համար ալ նախ շնչաւորը կու գայ եւ յետոյ հոգեւորը։
47 Առաջին մարդը երկրէն էր եւ հողեղէն, մինչ երկրորդ մարդը՝ մեր Տէրը, երկինքէն է։
48 Ինչպէս որ էր հողեղէնը, նոյնպէս ենք բոլոր հողեղէններս. եւ ինչպէս որ է երկնաւորը՝ նոյնպէս պիտի ըլլան բոլոր երկնաւորները։
49 Այսինքն, ինչպէս որ կը կրենք հողեղէն Ադամին պատկերը, այնպէս պիտի կրենք նաեւ երկնաւոր Ադամին պատկերը։
50 Ըսել կ՚ուզեմ թէ, եղբայրնե՛ր, մարմինն ու արիւնը իրենց ներկայ վիճակով չե՛ն կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել. եղծանելին չի կրնար անեղծութիւնը ժառանգել։
51 Հիմա ձեզի ծածուկ խորհուրդ մը յայտնեմ։ Բոլորս չէ՛ որ պիտի մեռնինք.
52 բայց երբ վերջին փողը հնչէ՝ ամէնքս ալ յանկարծ պիտի նորոգուինք ակնթարթի մը մէջ։ Որովհետեւ փողը պիտի հնչէ եւ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն անեղծ մարմիններով, եւ մենք պիտի նորոգուինք։
53 Որովհետեւ մեր այս եղծանելի բնութիւնը պէտք է անեղծ բնութեան փոխուի. այս մահկանացու բնութիւնը պէտք է անմահ բնութեան փոխակերպուի։
54 Եւ երբ մեր այս եղծանելի բնութիւնը անեղծ բնութեան փոխուի, եւ այս մահկանացու բնութիւնը անմահ բնութեան փոխակերպուի, այն ատեն պիտի իրականանայ գրուած մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ.– «Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ»։
55 «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ»։
56 Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ոյժը Օրէնքէն կ՚առնէ։
57 Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
58 Ուստի, սիրելի՛ եղբայրներս, ամուր եւ հաստատուն մնացէք, միշտ աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար, գիտնալով որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ։