1 Corinthians 14
1 Ուրեմն՝ սիրոյ հետամուտ եղէք։ Միաժամանակհոգեւոր պարգեւներուն փափաքող եղէք, մանաւանդ մարգարէութեան ։
2 Որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ։
3 Մինչդեռ մարգարէութիւն ընողը մարդոց կը խօսի՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք մխիթարելու եւ քաջալերելու համար։
4 Լեզուներ խօսողը միայն ի՛նք կ՚օգտուի, մինչդեռ Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ։
5 Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ՚ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի։
6 Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ձեզի գամ եւ անծանօթ լեզուներով խօսիմ, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ խօսածս Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը կամ որոշ գիտութիւն մը կամ մարգարէական պատգամ մը կամ ուսուցում մը չըլլայ։
7 Օրինակ առէք երաժշտական անշունչ գործիքները, սրինգը կամ քնարը. եթէ ասոնք որոշակի հնչիւններ չարտաբերեն՝ ի՞նչպէս պիտի ճանչցուին սրինգով կամ քնարով նուագուածները։
8 Կամ եթէ փողը պատերազմական կոչին փոխարէն անորոշ ձայներ արձակէ՝ ո՞վ պատերազմի կը պատրաստուի։
9 Ճիշդ այդպէս ալ, եթէ դուք լեզուով հասկնալի չդարձնէք խօսքը, ի՞նչպէս պիտի հասկցուին խօսուածները։ Այլապէս՝ օդին խօսած պիտի ըլլաք։
10 Ով գիտէ քանի՜ տեսակ լեզուներ կան աշխարհի վրայ, բայց ոեւէ մէկն ալ անհասկնալի չէ։
11 Եւ սակայն, եթէ ես չեմ հասկնար խօսուած լեզուն՝ անհաղորդ կը մնամ խօսուածին եւ խօսողին, ինչպէս ինքը՝ ինծի։
12 Հետեւաբար դուք ալ, քանի որ հոգեւոր պարգեւներուն կը փափաքիք, ջանացէք մանաւանդ տիրանալ ա՛յն պարգեւներուն՝ որոնք եկեղեցւոյ օգուտին կը նպաստեն։
13 Այն անձը որ անծանօթ լեզուներով կը խօսի՝ թող աղօթէ որ Աստուած անոնց թարգմանութեան պարգեւն ալ տայ իրեն։
14 Որովհետեւ, եթէ անծանօթ լեզուներով կ՚աղօթեմ՝ հոգիս է որ կ՚աղօթէ, բայց միտքս չ՚օգտուիր անկէ։
15 Ուրե՞մն. ի՞նչ պէտք է ընել։ Անշուշտ պէտք է հոգիով աղօթեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով աղօթեմ։ Պէտք է հոգիով սաղմոսեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով սաղմոսեմ։
16 Այլապէս, եթէ միայն հոգիով գոհութիւն տաս Աստուծոյ, քու գոհութեանդ ի՞նչպէս « Ամէն » պիտի պատասխանէ անտեղեակ հաւատացեալ մը, որովհետեւ չի՛ հասկնար ինչ որ կ՚ըսես։
17 Քու գոհաբանութիւնդ կրնայ շատ լաւ ըլլալ, բայց ուրիշը անկէ չ՚օգտուիր։
18 Փառք Աստուծոյ, ես ձեր բոլորէն աւելի կը խօսիմ անծանօթ լեզուներով.
19 բայց եկեղեցիին մէջ կը նախընտրեմ միայն հինգ բառ ըսել, բայց հասկնալի լեզուով ըսել՝ որպէսզի ուրիշներն ալ բան մը սորվին, քան թէ տասնեակ հազար բառ՝ անծանօթ լեզուներով։
20 Եղբայրնե՛ր, միտքով երեխայ մի՛ ըլլաք. երեխաներու պէս եղէք միայն չարիք խորհելու մէջ. իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք։
21 Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է.– «Օտար լեզուներ խօսող մարդոցմով, օտարներու շրթներով պիտի խօսիմ այս ժողովուրդին, եւ դարձեալ մտիկ պիտի չընեն ինծի».– կ՚ըսէ Տէրը։
22 Կը նշանակէ թէ՝ անծանօթ լեզուներով խօսիլը նշան մըն է, ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, այլ՝ անհաւատներուն համար. մինչդեռ մարգարէական պատգամախօսութիւնը անհաւատներուն համար չէ, այլ՝ հաւատացեալներուն։
23 Երեւակայեցէք պահ մը, որ ամբողջ եկեղեցին մէկտեղ հաւաքուի եւ բոլորը սկսին լեզուներով խօսիլ. եթէ պատահի որ անհաւատներ կամ անտեղեակ հաւատացեալներ ներս մտնեն, պիտի չըսե՞ն՝ «Խենթեցե՞ր էք»։
24 Մինչդեռ եթէ պատահի որ անհաւատ մը կամ անտեղեակ հաւատացեալ մը ներս մտնէ՝ երբ բոլորն ալ Աստուծոյ պատգամները կը հռչակեն, այնպէս կը զգայ՝ թէ այդ պատգամներով իր յանցանքներն է որ կը յանդիմանուին ու կը քննուին,
25 իր սրտի գաղտնիքներն են որ երեւան կու գան. եւ ուստի գետին կը խոնարհի ու երկրպագութիւն կ՚ընէ Աստուծոյ, խոստովանելով թէ՝ «Արդարեւ Աստուած ձեր մէջ ներկայ է»։
26 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր. ի՞նչ ընել։ Երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ շնորհք ալ ունենայ՝ սաղմոսելու, ուսուցանելու, Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը բերելու, անծանօթ լեզուներով խօսելու թէ այդ լեզուներով խօսուածը բացատրելու, թող այդ բոլորը եկեղեցւոյ օգուտին ծառայեցնէ։
27 Լեզուներով խօսիլ ուզողնե՞ր կան. թող երկու, շատ–շատ երեք հոգի խօսին, եւ այն ալ՝ մէկ առ մէկ, իսկ ուրիշ մը թող անոնց խօսածները բացատրէ։
28 Իսկ եթէ չկայ մէկը որ բացատրէ, այնպիսիներ թող լուռ մնան եկեղեցիին մէջ, թող իրենց միտքին մէջ Աստուծոյ հետ խօսին։
29 Բայց եթէ Աստուծոյ պատգամները քարոզողներ կան՝ թող երկու կամ երեք հոգի խօսին, իսկ միւսները թող քննարկեն ըսուածները։
30 Եթէ պատահի որ մէկու մը խօսած ատեն նստողներէն մէկը Աստուծմէ յայտնութիւն մը ունենայ, թող առաջին խօսողը լռէ։
31 Բոլորդ ալ կրնաք մէկ առ մէկ Աստուծոյ պատգամախօսը ըլլալ, որպէսզի ամէնքն ալ սորվին եւ բոլորն ալ քաջալերուին։
32 Արդարեւ, մարգարէութեան հոգին մարգարէին կ՚ենթարկուի.
33 որովհետեւ Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն, ինչպէս որ նոյնն է պարագան Աստուծոյ ժողովուրդին՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
34 Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կիները պէտք է լուռ մնան, որովհետեւ իրենց արտօնուած չէ խօսիլ, այլ միայն՝ հնազանդութեամբ լսել, ինչպէս Աստուծոյ Օրէնքն ալ կ՚ըսէ։
35 Իսկ եթէ կ՚ուզեն ոեւէ բանի մասին աւելի գիտնալ, թող տունը իրենց ամուսիններուն հարցնեն. որովհետեւ պատշաճ չէ որ կին մը եկեղեցւոյ մէջ խօսի։
36 Այս մասին դուք ձեզի որոշումներ մի՛ առնէք։ Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ. կամ միայն ձեզի՞ հասաւ։
37 Ով որ կը կարծէ թէ ինք Աստուծոյ պատգամախօսն է կամ հոգեւոր պարգեւ մը ունի, թող գիտնայ որ ինչ որ գրեցի ձեզի՝ Տիրոջ պատուիրածներն են։
38 Իսկ ով որ պատուէրները անտեսէ՝ դուք ալ զինք անտեսեցէք։
39 Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, առաւելաբար ջանացէք Աստուծոյ պատգամները քարոզել. բայց անծանօթ լեզուներով խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։
40 Եւ ինչ որ կ՚ընէք՝ թող վայելուչ ու կարգ կանոնով ըլլայ։