Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 13

:
Armenian - 2019
1 Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն։
2 Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚արժեմ։
3 Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ՚օգտուիմ։
4 Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար,
5 անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր,
6 անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։
7 Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ։
8 Սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ։
9 Այժմ մեր գիտցածը անկատար է եւ մեր մարգարէութիւնն ալ՝ մասնակի։
10 Բայց երբ կատարեալը գայ, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ։
11 Երբ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի եւ երեխայի պէս կը տրամաբանէի. իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի։
12 Նոյնպէս ալ, մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զայն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ։ Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս ի՛նք զիս կը ճանչնայ։
13 Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է։