Bible

Create

Inspiring Presentations Without Hassle

Try Risen Media.io Today!

Click Here

1 Corinthians 12

:
Armenian - 2019
1 Ինչ կը վերաբերի հոգեւոր պարգեւներուն մասին ձեր հարցումին, կ՚ուզեմ որ գիտնաք ճշմարտութիւնը, եղբայրնե՛ր։
2 Գիտէք հարկաւ, թէ մինչ հեթանոս էիք՝ ի՛նչպէս անշունչ կուռքերէն մէկէն միւսը կը քաշկռտուէիք։
3 Ուստի կ՚ուզեմ որ հասկնաք, թէ ոեւէ մէկը որ Աստուծոյ Հոգիէն մղուած կը խօսի՝ չի կրնար ըսել՝ «Նզովեալ ըլլայ Յիսուս»։ Նոյնպէս ալ, ո՛չ ոք կրնայ խոստովանիլ թէ «Յիսուս Տէր է», եթէ Սուրբ Հոգին չունենայ։
4 Թէպէտ շնորհքները զանազան են, բայց նոյն Հոգին է տուողը։
5 Զանազան հոգեւոր պաշտօններ կան, այո՛, բայց նոյն Տէրն է զայն բաշխողը։
6 Նոյնպէս ալ, ծառայելու զանազան կարողութիւններ կան, բայց նոյն Աստուածն է որ զանոնք կու տայ իւրաքանչիւրին։
7 Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար։
8 Այսպէս, Սուրբ Հոգին մէկուն կարողութիւն կու տայ իմաստութեամբ յորդորելու, միւսին՝ նոյն Հոգին կարողութիւն կու տայ հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու։
9 Նոյն Հոգին երրորդի մը հաւատք կու տայ, ուրիշի մը՝ բժշկելու զօրութիւն.
10 ուրիշի մը՝ հրաշագործութեան կարողութիւնը կու տայ, ուրիշի մը՝ մարգարէական պատգամախօսութիւն, ուրիշ մէկուն՝ Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն, ուրիշի մը՝ յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք, իսկ ուրիշի մը՝ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւն։
11 Միեւնոյն Հոգին է որ այս բոլորը կը կատարէ՝ իւրաքանչիւրին յատուկ շնորհք մը տալով, ինչպէս որ ինք կ՚ուզէ։
12 Ինչպէս մարմինը իր զանազան անդամներով մէկ ամբողջութիւն է, այսինքն՝ բոլոր անդամները միասին մէկ մարմին կը կազմեն, նոյնպէս է նաեւ Քրիստոս ։
13 Որովհետեւ մենք բոլորս՝ Հրեայ թէ հեթանոս, ծառայ թէ ազատ, նոյն Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին կազմելու համար, եւ ամէնքս ալ նոյն Հոգիէն խմեցինք։
14 Մարմին ըսելով՝ անդամներէն միայն մէկը չենք հասկնար, այլ անդամներուն ամբողջութիւնը։
15 Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Ես ձեռք չեմ, ուրեմն մարմինին մաս չեմ կազմեր», ատով չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ։
16 Եթէ ականջը ըսէ՝ «Որովհետեւ աչք չեմ, մարմինին մաս չեմ կազմեր», դարձեալ չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ։
17 Եթէ ամբողջ մարմինը աչք ըլլար, մարդ ինչո՞վ պիտի լսէր։ Եթէ ամբողջ մարմինը ականջ ըլլար, ինչո՞վ պիտի հոտոտար։
18 Բայց Աստուած անդամներէն իւրաքանչիւրը դրաւ մարմինին մէջ, այնպէս՝ ինչպէս ինք կամեցաւ։
19 Մարմինը մարմին պիտի ըլլա՞ր, եթէ միայն մէկ տեսակ անդամ ունենար։
20 Յստակ է ուրեմն, թէ բազմաթիւ են անդամները, բայց մարմինը մէկ է։
21 Աչքը չի կրնար ձեռքին ըսել՝ «Քեզի պէտք չունիմ»։ Ո՛չ ալ գլուխը ոտքերուն՝ թէ «Ձեզի պէտք չունիմ»։
22 Ընդհակառակը, մարմինին ամենէն տկար կարծուած անդամները ամենէն կարեւորներնեն։
23 Այն անդամները որ ամենէն անարգը կը համարենք՝ անոնց աւելի շատ պատիւ կ՚ընծայենք, եւ ամօթոյք նկատուած մեր անդամները աւելի պարկեշտութեամբ կը ծածկենք,
24 քանի մեր պարկեշտ անդամները ատոր կարիքը չունին։ Աստուած ի՛նք է որ այդպէս կազմած է մարմինը, նուազ պատուաւորին աւելի պատիւ տալով,
25 որպէսզի մարմինին մէջ պառակտումներ չըլլան, այլ՝ որպէսզի անդամները իրարու հանդէպ նոյն հոգածութիւնը ունենան։
26 Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուըուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան։
27 Արդ, դուք թէպէտ առանձին–առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը։
28 Այդ մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին մէջ Աստուած բազմաթիւ անդամներ կարգեց՝ զանազան ծառայութեանց համար. նախ՝ առաքեալները, երկրորդ մարգարէները, երրորդ՝ ուսուցանողները, ապա՝ հրաշագործ զօրութիւն ունեցողները, եւ դեռ՝ բժշկելու շնորհք ունեցողները, ուրիշներուն օգնելու ընդունակները, վարչական կարողութեամբ օժտուածները, յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսողները եւ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու ատակ մարդիկը։
29 Արդ, միթէ բոլորը առաքեա՞լ են. բոլորը մարգարէ՞ են. բոլորը ուսուցանո՞ղ են. բոլորը հրաշագործ զօրութիւն ունի՞ն.
30 միթէ բոլորը բժշկելու շնորհքո՞վ օժտուած են. բոլորը լեզուներ խօսելու պարգե՞ւը ունին. կամ բոլորը կրնա՞ն այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանել։
31 Հետեւաբար՝ ձգտեցէք հասնիլ այն շնորհքներուն, որոնք լաւագոյնն են։ Բայց հիմա ես լաւագոյն ճամբան ցոյց պիտի տամ։