Revelation 52017

1Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։

2Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձայնով կը կանչէր. «Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու»։

3Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։

4Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու ո՛չ ալ անոր նայելու։

5Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ։»

6Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար, որպէս թէ մորթուած, որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունէր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր կը ղրկուին։

7Անիկա եկաւ ու աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։

8Երբ գիրքը առաւ, չորս կենդանիներն ու քսանըչորս երէցները Գառնուկին առջեւ ինկան եւ ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են։

9Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ

10եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։

11Եւ նայեցայ՝ նաեւ շատ հրեշտակներու ձայն լսեցի, որոնք աթոռին ու կենդանիներուն եւ երէցներուն բոլորտիքն էին ու անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր.

12որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։

13Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։

14Եւ չորս կենդանիները կ’ըսէին. «Ամէն» ու երէցները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին ։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for Revelation 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.