Revelation 12017

1Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց,

2որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ։

3Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։

4Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են

5եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը. Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց

6եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. Անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

7Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։

8«Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան», կ’ըսէ Տէր [Աստուած], որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը։

9Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար։

10Եւ Կիրակի օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր.

11« Ինչ որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են»։

12Եւ դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ

13եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած։

14Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս։

15Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս

16եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։

17Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։

18Ես կենդանի եմ ու ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները։

19[Ուստի] գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ.

20եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for Revelation 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.