Mark 162017

1Երբ Շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն խունկեր ծախու առին, որպէս զի երթան օծեն զանիկա։

2Մէկշաբթի առտուն շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, գացին գերեզմանը

3ու իրարու կ’ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն»,

4(ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր), վասն զի շատ մեծ էր։

5Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։

6Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։

7Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ. հոն պիտի տեսնէք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ»։

8Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։

9Յիսուս Մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։

10Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։

11Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։

12Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։

13Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։

14Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։

15Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։

16Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։

17Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին.

18ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։

19Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։

20Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for Mark 16.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.