Ephesians 62017

1Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։

2Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով),

3որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ։

4Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։

5Ծառանե՛ր, հնազանդ եղէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ահով ու դողով՝ ձեր սրտին միամտութիւնովը, որպէս թէ Քրիստոսին։

6Ո՛չ թէ մարդահաճոյի պէս աչքի առջեւ ծառայելով, հապա Քրիստոսի ծառաներու պէս՝ սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով.

7յօժարութեամբ ծառայելով որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց.

8գիտնալով որ ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի, թէ՛ ծառայ ըլլայ եւ թէ՛ ազատ։

9Դուք ալ, տէրե՛ր, նոյնը ըրէք անոնց ու սպառնալիքը մոռցէ՛ք, գիտնալով թէ անոնց ալ, ձեր ալ Տէրը երկինքն է ու անոր քով աչառութիւն չկայ։

10Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։

11Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։

12Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։

13Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել

14ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով

15ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը

16եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել

17եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։

18Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար,

19ինծի համար ալ, որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու.

20որուն համար ես դեսպանութիւն կ’ընեմ կապանքովս, որպէս զի անով համարձակութիւն ունենամ խօսելու՝ ինչպէս պէտք է։

21Բայց որպէս զի դուք ալ գիտնաք իմ վրայովս՝ թէ ի՞նչ կ’ընեմ ես, ամէն բան պիտի ցուցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը ու հաւատարիմ պաշտօնեան՝ Տէրոջմով.

22որ յատկապէս այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի լուր ունենաք մեր մասին ու ինք ձեր սրտերը մխիթարէ։

23Խաղաղութիւն եղբայրներուն եւ սէր հաւատքով մէկտեղ Հօր Աստուծմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

24Շնորհք այն ամենուն հետ՝ որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անկեղծութեամբ կը սիրեն։ Ամէն։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for Ephesians 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.