2 Corinthians 62017

1Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կաղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։

2Վասն զի «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի»։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը։

3Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։

4Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու,

5ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,

6մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնմտութիւնով, քաղցրութիւնով, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,

7ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութիւնով, արդարութեան զէնքերով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է։

8Փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով, մոլորեցնողներու պէս՝ ու ճշմարիտներ։

9Անծանօթներու պէս եւ ծանօթներ, մեռնողներու պէս եւ ահա կենդանի ենք, պատժուածներու պէս ու չենք սպանուած։

10Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք։

11Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։

12Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ կը նեղուիք։

13Ուստի անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի ), դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։

14Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ

15եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ

16եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ. վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք. ինչպէս Աստուած ըսաւ, թէ «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց մէջ պիտի քալեմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։

17Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը։ «Պիղծ բանի մի՛ դպչիք

18ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք», կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for 2 Corinthians 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.