1 Peter 52017

1Ձեր մէջ եղող երէցներուն կ’աղաչեմ, ես ալ նոյնպէս երէց ըլլալովս, Քրիստոսին չարչարանքներուն վկայ եւ մասնակից հանդերձեալ փառքին որ պիտի յայտնուի,

2Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ,

3ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով.

4եւ Հովուապետին երեւցած ատենը փառքի անթառամ պսակը պիտի ընդունիք։

5Նմանապէս դո՛ւք, երիտասարդներ, հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։

6Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։

7Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։

8Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։

9Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։

10Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։

11Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

12Սիղուանոս հաւատարիմ եղբօր ձեռքով, (ինչպէս ես կը կարծեմ), համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք։

13Բարեւ կ’ընէ ձեզի Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին, որ ձեզի հետ ընտրուած է ու իմ որդիս Մարկոս ալ։

14Բարեւ տուէք իրարու սիրոյ համբոյրով. խաղաղութիւն ձեր ամենուն հետ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էք։ Ամէն։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for 1 Peter 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.