1 John 42017

1Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են։

2Ասով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին։ Ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած կը դաւանի, անիկա Աստուծմէ է

3եւ ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չի դաւանիր, անիկա Աստուծմէ չէ ու ասիկա Նեռին հոգին է, որուն համար լսեցիք թէ պիտի գայ ու արդէն աշխարհի մէջ է։

4Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։

5Անոնք աշխարհէն են, անոր համար աշխարհի վրայով կը խօսին եւ աշխարհ մտիկ կ’ընէ անոնց։

6Մենք Աստուծմէ ենք։ Ան որ Աստուած կը ճանչնայ, մեզի մտիկ կ’ընէ։ Ան որ Աստուծմէ չէ, մեզի մտիկ չ’ըներ. ասով կը ճանչնանք ճշմարտութեան Հոգին ու խաբէութեան հոգին։

7Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։

8Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։

9Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։

10Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։

11Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։

12Մէկը երբեք Աստուած տեսած չէ։ Եթէ մէկզմէկ սիրենք, Աստուած մեր մէջ պիտի բնակի ու Անոր սէրը կատարեալ պիտի ըլլայ։

13Ասով գիտենք թէ մենք անոր մէջ կը բնակինք ու անիկա մեր մէջ, որ իր Հոգին մեզի տուաւ։

14Մենք տեսանք ու կը վկայենք թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու։

15Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։

16Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ։

17Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ։

18Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։

19Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։

20Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ «Ես Աստուած կը սիրեմ» ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։

21Աստուած այս պատուէրը տուած է. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for 1 John 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.