1 Corinthians 52017

1Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։

2Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։

3Վասն զի թէպէտ ես մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ներկայ եմ. ուստի հիմա որպէս թէ ներկայ ըլլալով՝ որոշեցի որ այս բանը ընողը,

4երբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը մէկտեղ հաւաքուիք դուք ու իմ հոգիս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնովը,

5այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսին օրը։

6Այդ ձեր պարծենալը աղէկ չէ։ Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։

7Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր Զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։

8Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը։

9Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։

10Եւ գրածս ՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք։

11Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։

12Վասն զի ի՞նչպէս դուրսինները դատեմ։ Չէ՞ որ դուք ներսինները կը դատէք.

13իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for 1 Corinthians 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.